Երեւանէն Շարունակականութեան եւ Փոփոխութեան Դրուագներ

Երեւանէն Շարունակականութեան եւ Փոփոխութեան Դրուագներ

«Ասսալամու ալէյքոմ» (արաբերէնով «Բարեւ ձեզ», խմբ․)․․․

Ոեւէ մէկը Երեւանի մէջ ինծի այդպէս երբեք չէր մօտեցած եւ չէր ողջունած:

Բնազդաբար, «Ուա ալէյքոմ սալամ» («Եւ ձեզ ալ բարեւ», խմբ․)․․․ ըսելով պատասխանեցի:

Սովորական երեւոյթ ունեցող տղամարդ մըն էր՝ գուցէ իմ տարիքիս, հաւանաբար քիչ մը աւելի մեծ: Մասամբ ճաղատ էր, մութ հագած: Պայծառ գոյներով «հիճապ»-ով կինը կ’ընկերակցէր. ան սայլակ մը կը քշէր, որուն մէջ անուշիկ փոքրիկ մը պառկած էր: Տէրեան Փողոցը անցնելու վրայ էինք՝ Երեւանի կեդրոնը, Օփերային քովը, դէպի Կարապի Լիճին անկիւնը:

«Ֆալասթինէն (Պաղեստին, խմբ․)․․․ եմ: Հաճիք, կ’օգնէ՞ք …»

Ձեռքս սրտիս մօտ դրի եւ զղջման ու կարեկցանքի արտայայտութեամբ թեթեւ մը խոնարհեցայ: Օգնութիւն խնդրողներուն մեծաւ մասամբ այդպէս կ’արձագանգեմ: Հասարակութեան մը մէջ մեծցած եմ, ուր ողորմութիւն ուզողներու պակաս չկար եւ ան յաճախ կազմակերպուած բնոյթ կը կրէր: Հազուագիւտ դէպքեր կ’ըլլան, երբ ինքզինքիս կրնամ համոզել փողոցը անծանօթի մը գումար տրամադրել: Միշտ զգոյշ եմ եւ Երեւանի պէս քաղաքի մը մէջ, կ’ենթադրեմ, որ հաւանաբար նմանօրինակ անձեր դիմացս կ’ելլեն, ինչպէս ալ եղած է. տարիներու ընթացքին, նոյն մարդիկ նոյն պատմութիւնը կը պատմեն, նոյն խաբեբայութեամբ կը զբաղին: Հիմա, աս ընտանիքին չէի ճանչնար, անկարելի էր պնդել խաբեբայ էին կամ ոչ: Յամենայն դէպս, չկրցայ իրենց օգնելու տրամադրութիւն յայտնել:

կարդալ մնացածը