Թրքական եւ Հայկական Պատումներու Բախումը

Թրքական եւ Հայկական Պատումներու Բախումը

Թուրքերու եւ հայերու միջեւ յարաբերութիւններուն բնորոշ բանավէճերը եւ լարուածութիւնները յաճախ համապատասխան չեն գտնուիր միջազգային յարաբերութիւններու գիտական տեսութիւններուն: Խնդիր կայ ստոյգ դերակատարներ մատնանշելուն մէջ՝ պետութիւններ, սփիւռքեր, համայնաքային եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, կրօնական մարմիններ, անհատներ, աւելի լայն տարածաշրջանային կամ համաշխարհային խաղցողներ եւ միտումներ: Երկրորդ խնդիր մը խնդրոյ առարկային մատնանշումն է՝ բարոյական կամ կրօնական սկզբունքեր, էական նիւթական շահեր, իրաւական հարցեր, տնտեսական հաշուարկներ: Խնդրին բարդութիւնը վերլուծութեան որեւէ մէկ մօտեցման համար մարտահրաւէր է, բայց միառժամանակ ան հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ բազմակողմանի տեսակէտերէ իմաստալից եզրակացութիւններու հասնելու:

Այս հետազօտութիւնը պատումը (Անգլ. «narrative», Թրք. «anlatı») կը գործածէ որպէս աղբիւր եւ մօտեցում: Թուրք-հայկական յարաբերութիւններու պարագային չկան առկայ անմիջական ապահովական խնդիրներ կամ երկու պետութիւններուն միջեւ բռնի արարքներու սպասումներ: 1915-ի հանրային յիշողութիւնն է Թուրքոյ մէջ, Հայաստանի մէջ, եւ աշխարհով մէկ, որ ամենախորը ազդեցութիւնը կ’ունենայ միջանձնային, միջհամայնքային, եւ միջպետական յարաբերութիւններու վրայ: Եթէ տեւական հաշտութիւն պիտի ըլլայ, պատումի հարթակէն պիտի սկսի:

կարդալ մնացածը