Նոր թրքախօսի մը արտայայտ(ն)ութիւնները
Պոլիս գտնուիլը շատ հետաքրքրական կողմեր ունի, մանաւանդ այս օրերուն։ Որպէս մէկը, որ կը հետեւի քաղաքականութեան եւ մասնաւորապէս միջազգային ու տարածաշրջանային անցուդարձին, նիւթի պակաս չկայ, փառք Աստուծոյ։ Սակայն աւելի առօրեայ տեսանկիւնէն, ուրախ եմ որ ժամանակ կ՚անցնեմ այս քաղաքին մէջ, քան զի առիթը կ՚ընծայէ թրքերէն սորվելու։
Թրքերէնի հետ կապս շատ հեռու չէ, իրականութեան մէջ։ Ընտանիքիս ակունքները Մարաշին մէջ կը գտնուին, ուստի մանկութեանս յաճախ լսած եմ թրքերէն, մանաւանդ մեծերուն կողմէ։ Ականջներս լեցուած են որոշ բառապաշարով մը։ Նոյնիսկ շարք մը բառեր հայերէն կը կարծէի պզտիկ եղած ատենս։ Վստահ եմ շատ սփիւռքահայեր այդ փորձառութիւնը կը կիսեն։ Երիտասարդութեանս ջանք թափած եմ թրքերէն ինքնուրոյն սորվելու, իսկ աւելի վերջերս դասերու գացած եմ (Երեւան ալ, հոս ալ)։ Եթէ անկեղծ ըլլամ, այսօրուան թրքերէնէն աւելի պիտի նախընտրէի նախնիներուս խօսած լեզուն սորվիլ։ Բայց այդ դարը երեւի թէ անցած հաշուենք։