Անգլերէնէն թարգմանեց Նարեկ Սէֆէրեանը
Արեւմտեան գերիշխանութեան հետեւանքներէն մէկը խօսելաձեւերու դասակարգումն է. որոշները լեզու կը կոչուին, որոշները՝ սոսկ բարբառ: Թէեւ կարծես կապ չունին այս երեւոյթները, պետութիւններու բաժնուած աշխարհ մը անմիջապէս կ’ազդէ ոչ միայն խօսելաձեւերու քաղաքական կարգավիճակներու, այլ մասնաւորապէս իրենց խօսողներու կեանքի իրավիճակին վրայ: Սակայն, աշխարհին այս մասնատումը՝ մօտաւորապէս, ըստ ՄԱԿ-ին, 200 պետութիւններու կարգի առարկայական իրականութիւն մը չէ: Մարդկութեան պատմութեան մեծամասնութեան ժամանակ այս քաղաքական էակները եւ սահմաններու իրենց բռնի վերահսկումը գոյութիւն չունէին: Արդի պետութիւնները հիմնականօրէն կախեալ են ազգայնական գործելաոճերու զարգացումներէն՝ ստեղծելով ընդհանուր անցեալի, հաւասար ինքնութեան, եւ մէկ լեզուի անհրաժեշտութեան պատրանքը: Այնուամենայնիւ, լեզուական բազմազանութիւնը պիտի շարունակէ մերժել ազգայնականութեան որեւէ ջլատող խօսույթ՝ ան ժխտելով զանազան լեզուներով:
