Արեւմտահայերէնին հայրենիքը ո՞ւր է
Արդէն երեք շաբաթ անցած է, որ Հրանդ Տինք Հիմնարկին ամառնային լեզուի եւ մշակութային դասընթացքը տեղի կ՚ունենայ։ Թէեւ ես արեւմտահայերէնի լեզուակիր եմ, խոստովանիմ որ կրթութեանս պատճառով այդքան ալ ինքնավստահութեամբ չմօտեցայ լեզու դասաւանդելու մարտահրաւէրին։ Սակայն չափազանց ոգեւորիչ ժամանակ կ՚անցընենք։ Դասընթացքին յաջողութեան պատճառներէն գլխաւորը, ես կ՚ըսէի, մասնակցողներուն՝ աշակերտներուն եռանդն է, նաեւ՝ կազմակերպիչներուն արհեստավարժ մօտեցումը։
Անոնցմէ մէկը՝ հայ գիր ու գրականութեան մասնագէտ, ընկերս Սեւանը քանի մը օր առաջ ինծի համար հետաքրքրական նկատառութիւն մը ըրաւ։ Ան ըսաւ, որ արեւմտահայերէնին ուսուցանումը Թուրքիոյ մէջ ոչ միայն գիտական կամ պատմական նշանակութիւն ունի, այլ ան պէտք է ներկայացուի որպէս Թուրքիոյ տեղական լեզուներէն մէկուն պահպանումը եւ զարգացումը։ Արեւմտահայերէնին հայրենիքը Թուրքիան է, ըսաւ։