Արեւմտահայերէն, Արեւելահայերէն՝ հնչիւններու, ձայներու տարբերութիւնները

Արեւմտահայերէն, Արեւելահայերէն՝ հնչիւններու, ձայներու տարբերութիւնները

Բարեւ, ու շնորհակալութիւն այս նիւթը դիտելու համար:

Կ’ուզէի ձեզի հետ կիսել Արեւմտհայերէնի եւ Արեւելահայերէնի միջեւ հինչիւնային գլխաւոր տարբերութիւնները:

Իրականութեան մէջ, այս երկու քոյր Հայերէնները իրարմէ բաւական կը տարբերին, ե՛ւ քերականութեան առումով, ե՛ւ բառապաշարով, եւ նաեւ ուղղագրական համակարգի փոփոխութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Հայաստան Խորհրդային Միութեան ատեն, թէեւ Պարսկահայութիւնը կը շարունակէ Արեւելահայերէն գրել աւանդական ուղղագրութեամբ:

Յամենայն դէպս, ամենաանմիջական տարբերութիւնը որոնց հետ առընչութիւն կ’ունենան զանազան տեսակի հայախօսներ հնչիւններն են` ձայներուն արտասանութիւնը: Շատ ու շատ արեւմտահայախօսներ՝ այցելելով Հայաստան եւ դիտելով հայկական հեռատեսիլի յայտագիրներ, արդէն վարժուած կ’ըլլան այդ տարբերութիւններուն: Սակայն գուցէ ոմանք չեն ընկալած որ այդ տարբերութիւնները կանոնաւոր են. այսինքն ինչ-ինչ բառբարային կամ պատահական, խօսակցական երեւոյթներ չեն: Նշեմ նաեւ որ անշուշտ կան այլ լեզուաբանական նրբութիւններ, որոնց անդրադարձ չպիտի կատարուի: Այս հոլովակը՝ թեթեւակի մանրամասնելով, սովորական հայախօսին ուղղուած է:

Ուրեմն, Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի միջեւ գլխաւոր հնչիւնային տարբերութիւնները այս տասնհինգ գիրերուն հետ կապ ունին՝ հինգ եռեակ, որոնք կրնան զատուիլ երեք սիւներու տակ, եւ՝ Արեւմտահայերէնով, դասակարգուիլ որպէս ձայնեղ, շնչեղ, ու դարձեալ շնչեղ: Ուշադրութիւն դարձուցէք որ գիրերուն անունները այդքան կարեւոր չեն այս պարագային. շեշտը ձայներուն վրայ է, ինչպէս յստակ պիտի ըլլայ Արեւելահայերէնին հետ համեմատութեան ատեն: Ահա, ուրեմն, Արեւմտահայերէնով ձայները՝ լատինատառ-անգլիատառ նշուած:

[b], [ph], [ph]

[g], [kh], [kh]

[d], [th], [th]

[dz], [tsh], [tsh]

[j], [chh], [chh]

Ինչպէս կը նկատէք, իւրաքանչիւր շարքի ձայները ձեւով մը կապուած են, շարունակական են:

Արեւելահայերէնով, այս տասնհինգ գիրերը առանձին-առանձին ձայներ ունին: Առաջին սիւնը ոչ թէ ձայնեղ է, այլ «խուլ» եզրոյթով կը կոչուի, երկրորդը կը մնայ շնչեղ, իսկ ձայնեղը երրորդն է Արեւելահայերէնի պարագային, փոխարէնը դարձեալ շնչեղ ըլլալու: Ահա Արեւելահայերէն հնչիւնները.

[p], [ph], [b]

[k], [kh], [g]

[t], [th], [d]

[ts], [tsh], [dz]

[ch], [chh], [j]

Կրկնեմ, ու ուշադիր լսէք մասնաւորապէս առաջին սիւնին տակ եղած գիրերուն ձայները:

[p], [ph], [b]

[k], [kh], [g]

[t], [th], [d]

[ts], [tsh], [dz]

[ch], [chh], [j]

Ինչպէս կրնաք եզրակացնել, այդ առաջին սիւնի՝ խուլ կոչուած հնչիւնները, գոյութիւն չունին Արեւմտահայերէնով: Շատ արեւմտահայախօսներ պարզապէս չեն կրնար լսել այդ ձայները: Որոշ Արեւմտահայերէն բառբարներով թէեւ այդ տարբերակումը կրնայ տեղի ունենալ, շատ շատերը վարժուած չեն, ականջները եւ լեզուները կը դժուարին լսելու եւ արտասանելու այդ ձայները:

[p], [k], [t], [ts], [ch]

Ահա եւ մէկ գլխաւոր տարբերութիւն Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի միջեւ:

Երկրորդ, գուցէ աւելորդ է ըսել, բայց շեշտեմ, որ Արեւմտահայերէնով երկրորդ եւ երրորդ սիւներու զոյգ գիրերուն հնչիւնները նոյնն են, կրկնակի են, բայց Արեւելահայերէնով այդ գիրերուն ձայները յստակօրէն կը տարբերին: Հետեւանքներէն մէկը այն է, որ Արեւմտահայ կրթութիւն ստացածը յաճախ գիրերուն անունները գիտէ, որպէս զի, ըսենք, գրութիւն մը թելադրելու ատեն, գիր առ գիր կարենայ զանազանել անոնց միջեւ:

Երրորդ, հնչիւններու տարբերակումներ կան, որոնք կանոնաւոր ձեւով տեղափոխուած են կամ փոխարինուած են երկու Հայերէններուն մէջ. ձայնեղ գիրերը՝ Արեւմտահայերէնով առաջին սիւնը, համապատասխան են ձայնեղ գիրերուն, որոնք  Արեւելահայերէնով երրորդ սիւնն են: Ահա.

Արեւմտահայերէն [b], Արեւելահայերէն [b]

Արեւմտահայերէն [g], Արեւելահայերէն [g]

[d]՝ Արեւմտահայերէն, [d]՝ Արեւելահայերէն

[dz]՝ Արեւմտահայերէն, [dz]՝ Արեւելահայերէն

Արեւմտահայերէն [j], Արեւելահայերէն [j]

Քիչ մը շատ եղաւ, կրնայ ըլլալ, բայց՝ ի՞նչ ընենք: Մեր քոյր լեզուները այս՝ բնական ձեւով, ինչպէս որեւէ կենդանի, գործածուող լեզու, անցուցած են իրենց ուրոյն հոլովոյթները:

Կրնանք մխիթարուիլ այն փաստով, որ գոնէ երկրորդ սիւնը՝ շնչեղները, ճիպ ու ճիշդ նոյն հնչիւններն ունի Արեւմտահայերէնով եւ Արեւելահայերէնով:

[ph], [kh], [th], [tsh], [chh]

Ահա ուրեմն այն տասնհինգ գիրերը որոնց ձայները կը կազմեն Արեւմտահայերէնի եւ Արեւելահայերէնի միջեւ հնչիւնային գլխաւոր տարբերութիւնները:

Բացի այդ, կայ նաեւ Ռ-ի եւ Ր-ի հանգամանքը: Արեւմտահայերէնով այս երկու գիրերը դարձեալ իրար նման հնչիւն ունին, բայց Արեւելահայերէն Ռ-ն աւելի կոշտ ձայն կը ստանայ՝ [rr], քան սովորական Ր-ն՝ [r]:

Ինչպէս վստահաբար շատերդ գիտէք, այս տարբերութիւններուն հետեւանքներէն մէկը տառադարձութեան մէջ տեղ կը գտնէ, մասնաւորապէս յատուկ անուններու պարագային: Օրինակի համար, Սուրբ Գիրքէն վերցուցած բառեր ունին իրենց կանոնաւոր ձեւերը դասական ու արեւմտեան լեզուներու մէջ, բայց Արեւմտահայերէն հնչիւնները յաճախ այդ շարքերուն համապատասխան չեն ըլլար, թէեւ Արեւելահայերէնը գրեթէ միշտ կ’ըլլայ:

Կայ, սակայն, գոնէ մէկ բառ, ինչքան ես գիտեմ, որուն Արեւմտահայերէն տարբերակն է, որ համապատասխան է արեւմտեան լեզուներու: «Պարոն» բառը Կիլիկեան Հայաստանի ժառանգութիւն է, ուր հաւանաբար խօսուած լեզուն աւելի մօտիկ էր այսօրուայ Արեւմտահայերէնին, քան Արեւելահայերէնին:

Յամենայն դէպս, Արեւմտահայերէնը եւ Արեւելահայերէնը մաս կը կազմեն Հայերէնի ամբողջական ժառանգութեան: Այնպէս չէ որ մէկը «ճիշդ» է կամ միւսը՝ «սխալ»: Իւրաքանչիւրը ուրոյն լեզու է, ինչքան ալ բարդ կամ շփոթեցնող ըլլայ երբեմն: Երկուքը միասին ճոխութիւն եւ հարստութիւն կը պարգեւեն Հայերէնին ու հայ արտայայտութեան:

Արեւմտահայերէն, Արեւելահայերէն՝ մեր քոյր լեզուներու իրարու հետ կիսելիք շատ բաներ ունին: Փորձելով քիչ մը ջանք թափել՝ իրար շատ ավելի հասկնալի կրնանք դառնալ:

Շնորհակալութի՛ւն: